2014-10-11 13:14:48

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` նոր անուանումներ։


(Ռ.Վ. 11 հոկտեմբեր 2014) Շաբաթ, 11 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սանթա Մարթայի մէջ յաջորդաբար ընդունեց. եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Մարք Ուելլէն, Պրազիլի Սաօ Սալվատոր Տէ Պահիայի երբեմնի արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Ժերարտօ Մայելլա Անիէլլօ եւ Վենետիկի Պատրիարք` գերապայծառ Ֆրանչէսքօ Մորալիա։
Յայտնենք որ Նորին Սրբութիւնը, անցնող շաբթուայ ընթացքին, իր մասնակցութիւնը բերաւ Վատիկանի մէջ կայացած Ըտանիքին հայող եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի գրեթէ բոլոր նիստերուն եւ այս առընչութեամբ ''սիւնհոդոսի տեղեկագիրին'' շարադրութեան համար, Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող Կարդինալ Էրտոյի, ընդհանուր քարտուղար` Կարդինալ Պալտիսէրրիի եւ յատուկ քարտուղար` գերապայծառ Ֆորթէի կից նշանակած է Կարդինալ Ռավազին, Կարդինալ Ուէրլ, գերապայծառ Ֆերնանտէզ, գերապայծառ Ակիար Ռեթէս, գերապայծառ Քանկ եւ Յիսուսեաններու ընդհանուր մեծաւոր` Հայր Ատոլֆօ Նիքոլաս Բաքոնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.